Արցախի սահմանի ողջ երկայնքով Սեպտեմբեր 27-ի վաղ առաւօտեան Ատրպէյճան բուռն հրետակոծութիւն սկսած է եւ անոր յաջորդած է արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ ռազմական գործողութիւններ, որ սաստիկ կերպով կը շարունակուի մինչեւ լուրին հաղորդումը:
Անցնող յաջորդական օրերուն Գանատահայ կազմակերպութիւններ կատարած են Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնող յայտարարութիւններ: Անոնք նաեւ յայտնած են՝ իրենց գանատական պետութենէն ակնկալած յստակ դիրքաւորումը յանուն արդարութեան՝ ի նպաստ յարձակման ենթարկուած Հայաստանի եւ Արցախի իրենց մայրենի երկրին:
Գոհունակութեամբ կ’արձանագրենք թէ արդէն իսկ Գանատայի Արտաքին գործերու նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայն, եւ Տնտեսական Զարգացման Նախարար Մէլանի Ժոլի ինչպէս նաեւ Գանատայի Խորհրդարանի անդամներ Ալպէրթա-էն Րաշէլ Հարտըն եւ Քէպէքէն Մարուա Րիզքի եւ Էմանուէլ Լամփրօփուլոս, հանդէս եկած են Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ յայտարարութիւններով:
«ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթ