ԳԱՆԱՏԱՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԸ ԽԱԽՏԵԼՈՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՔԱՅԼԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ, ԻՍԿ ԱՄՆ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԱԴՐԻՉ ՈՐԱԿԱԾ Է

Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Գարնոն Twitter-ի վրայ մտահոգութիւն յայտնած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին մասին եւ հրադադարի պայմանները պահպանելու կոչ ուղղած է: «Մենք մտահոգուած ենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին միջեւ` հայկական տարածք ներխուժումով լարուածութեան բազմացումին մասին կատարուած հաղորդագրութիւններով: Մենք բոլոր կողմերուն կը յորդորենք լիովին պահպանելու 10 Նոյեմբերին ձեռք բերուած հրադադարի պայմանագիրը եւ բանակցութիւնները մշտական ու խաղաղ կարգաւորման շուրջ շարունակելու: Բոլոր գործողութիւնները, որոնք կրնան խարխլել հրադադարի դրութիւնը եւ յանգեցնել լարուածութեան բազմացումին, պէտք է դադրեցուին», գրած է Գարնոն: Իր կարգին, ԱՄՆ-ն Հայաստանի հետ սահմանին կատարուած Ատրպէյճանի գործողութիւնները սադրիչ կը համարէ: Այս մասին հերթական ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է պետական բաժինի մամուլի ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Ճալինա Փորթեր: Անոր խօսքին համաձայն, ԱՄՆ-ն ուշադիր կը հետեւի Սիւնիքի մարզի մէջ ստեղծուած իրավիճակին: «Մենք ուշադիր կը հետեւինք իրավիճակին: Ուժերու տեղաշարժը անպատասխանատու է, ինչպէս նաեւ չարդարացուած եւ սադրիչ: Մենք յոյս ունինք` Ատրպէյճանը անմիջապէս դուրս կը բերէ իր բոլոր ուժերը եւ կը դադրեցնէ հետագայ սադրանքները», ըսած է Փորթեր: