Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը յայտարարութիւն մը կատարեց` կոչ ուղղելով զինադադարը յարգելու, ինչպէս նաեւ դատապարտելով Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումը:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Շաբաթ` 10 Հոկտեմբերէն ի զօրու նկատուող զինադադարի խախտումին գծով:
12 Հոկտեմբեր 2020 թուակիր հաղորդագրութեամբ նշեալ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոհան Սոսա իր եւ խորհուրդին անունով խոր մտահոգութիւն յայտնեց զինադադարի խախտումին պատճառով ինկած զոհերուն համար: Ան յայտնեց, որ խորապէս ցնցուած էր Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծման լուրերէն, ուր ապաստանած էին քաղաքացիներ:
Հաղորդագրութիւնը խիստ կերպով դատապարտեց կրօնական եւ մշակութային կեդրոններու վրայ յարձակումները:
Հաղորդագրութիւնը այս առիթով կոչ ուղղեց շինիչ երկխօսութեան` մաղթելով, որ հոգեւոր պետեր եւ որոշում կայացնող ղեկավարներ խորհրդակցին եւ խաղաղ եզրայանգումի հասնին, յարգելով փոխադարձ մարդկային արժանապատուութիւնը, սրբավայրերն ու խաղաղ համերաշխութիւնը: