ԵՄ երթեւեկութեան, հեռահաղորդակցման եւ ուժանիւթի խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Դեկտեմբեր 1-ին Հայաստանի հետ օդային հաղորդակցութեան մասին համապարփակ համաձայնագիրին:
Հայաստանի հետ փաստաթուղթը պիտի ըլլայ Ընդհանուր օդագնացութեան գօտիի մասին համաձայնագիրի ձեւով, քանի որ Հայաստանը մէկն է այն երկիրներէն, որոնց հետ ԵՄ–ն մտերիմ յարաբերութիւններ կը կառուցէ հարեւանութեան քաղաքականութեան միջոցով, ըսուած է ԵՄ մամուլի հաղորդագրութեան մէջ:
Խորհրդի նախագահ Արփադ Էրշէկը ողջունած է բանակցութիւններու մեկնարկին մասին որոշումը: Անոր խօսքով` համաձայնագիրը պիտի նպաստէ զբօսաշրջիկներու աշխոյժ փոխանակման, աւելի ցած գիներուն եւ նոր հնարաւորութիւններ պիտի բանայ գործարարութեան համար: «Համաձայնագիրը Հայաստանի եւ ԵՄ–ի միջեւ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս համագործակցութեան հիանալի օրինակ պիտի դառնայ»,– ըսած է ան:
Յանձնաժողովը բանակցութիւններ պիտի վարէ Եւրոմիութեան անունէն: