Եւրոպական Խորհուրդը կը դադրեցնէ մարդու իրաւունքներու հարցերով համագործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ Չորեքշաբթի՝ 7 Հոկտեմբեր 2015-ին,  նախարարներու կոմիտէին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հարցերով միացեալ աշխատանքային խումբին մէջ  Եւրոպական խորհուրդի մասնակցութիւնը կասեցնելու` իր որոշումին  մասին:

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ գրասենեակը այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է:

«Հոկտեմբեր 2014-էն սկսեալ, Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչները կը մասնակցէին Պաքուի մէջ տեղի ունեցող  հանդիպումներուն, որոնց նպատակը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն  եւ հասարակութեան միջեւ երկխօսութեան վերականգնումն էր:

Անկախ այդ նախաձեռնութենէն, մարդու իրաւունքներու վիճակը, ընդհանուր առմամբ, այդ երկրին մէջ էապէս վատթարացած է: Աճած է բանտարկուած իրաւապաշտպաններու թիւը: Եւրոպական խորհուրդը տագնապեցնող տեղեկութիւններ ստացած է ազատազրկման վայրերու մէջ զանոնք պահելու պայմաններուն վերաբերեալ»:

«Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը իր այդ որոշումին մասին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին», նշուած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ: