Եւրոպական խորհրդարան. ոչ մէկ գործարք Ատրպէյճանի հետ` առանց Եւրոմիութեան արժէքները յարգելուն

Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստէն առաջ` Մայիս 16-ին, քննարկուած է Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան համապարփակ համաձայնագիրը, որուն հաւանութիւն տրուած է, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն՝ վկայակոչելով Եւրոպական խորհրդարանի կայքը:

Խորհրդարանականները, սակայն, յայտարարած են, որ Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու խորացում չի կրնար ըլլալ` առանց Եւրոմիութեան արժէքներն ու իրաւունքները յարգելու:

Արտաքին յանձնաժողովի պատգամաւորները ԵՄ խորհուրդին, յանձնաժողովին ու ԵՄ արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան կոչ կ’ընեն ապահովելու, որ ԵՄ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու խորացումը պայմանաւորուած ըլլայ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, լաւ կառավարման, մարդու իրաւունքներու ու հիմնարար ազատութիւններու պահպանումով ու յարգումով։

Պատգամաւորները կը նշեն, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն պէտք է յիշեցնել, որ Համապարփակ համաձայնագիրը չի կրնար վաւերացուիլ երկրի մը հետ, որ չի յարգեր Եւրոմիութեան հիմնարար արժէքներն ու իրաւունքները, երաշխաւորել, որ Ատրպէյճանի հետ ապագայ համաձայնագիրը պէտք է ըլլայ յաւակնոտ, համապարփակ ու օգուտներ բերէ կողմերուն:

Կ’առաջարկուի օգնել Ատրպէյճանին` պայքարելու փտածութեան, փողերու լուացման, հարկերէ խուսափելու գործով ու աջակցիլ հետաքննութեան` փողերու լուացման խրագիրներու` յատկապէս  «ատրպէյճանական լուացքատան» բացայայտման գործին: Ապահովել, որ քաղաքական ու խղճի բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցով զգալի քայլեր կատարուին մինչեւ բանակցութիւններու եզրափակումը, որոնց թիւը 2017-ին անցած է 150-ը: Աջակցիլ Ատրպէյճանի մէջ ազատ ու բազմակարծիք լրատուամիջոցներուն` խմբագրական անկախութեամբ` ԵՄ չափանիշներուն համապատասխան:
Անդրադարձ եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, ուր կ’ըսուի,  որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին Եւրոմիութեան մասնակցութիւնը պէտք է ընդլայնուի:

ԵԽ պատգամաւորները կ՛ընդգծեն, որ Եւրոմիութեան եւ այս հակամարտութեան իւրաքանչիւր կողմի հետ նոր գործարքները պէտք է պայմանաւորուած ըլլան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նկատմամբ կողմերու նշանակալի յանձնառութեամբ եւ այդ հարցով էական յառաջընթացով:

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ համաձայնագիրը քուէարկութեան պիտի դրուի 2018-ի Յուլիսին: