Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման լաւագոյն երաշխիքը Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու թղթածրարը կարելի եղածին չափ արագ կեանքի կոչելն է:
Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր՝ Մարիա Զախարովա, մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, թէ Երեւան Պաքուին առաջարկած է չյարձակելու մասին պայմանագիր ստորագրել:
«Եռակողմ համաձայնութիւնները Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցման` այլընտրանք չունեցող ճամբու քարտէս են, որ կը ներառէ նաեւ խաղաղութեան պայմանագիրի մշակում», ըսած է Զախարովա:
«Հայաստանի մէջ պէտք է վերլուծեն, թէ որո՛նք են իրենց ազգային շահերը», յայտարարած է ան` մեկնաբանելով Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէ Քոլոմինայի` ՆԱԹՕ-ի եւ Երեւանի դիրքորոշումներու մերձեցման մասին վերջին յայտարարութիւնները:
«Եթէ ոեւէ մէկը կ’ուզէ մերձենալ, պէտք է նախ հասկնայ, թէ ատիկա որքանո՛վ վտանգաւոր է եւ ի՛նչ հետեւանքներու կրնայ յանգեցնել», ըսած է Զախարովա:
«Թերեւս պէտք է նաեւ առաջնորդուիլ հիմնարար սկզբունքներով` բանալ քարտէսը, տեսնել, թէ ի՛նչ շրջանի մէջ կը գտնուի այդ երկիրը, կարդալ պատմութեան դասագիրքերը», նշած է Զախարովան: