Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող ծաղրանկարներու ամսագիրները մէկը միւսին ետեւէն կը շարունակեն պատկերել երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Երբ դեռ շատ չանցած թրքական ոստիկանութեան խուզարկումը Էրտողանի «սելֆին» իր շապիկին հրապարակած թրքական Nokta ամսագրի խմբագրութիւն` առգրաւելով ամբողջ տպաքանակը, նմանօրինակ շապիկով այս անգամ լոյս տեսած է «Լեման»-ը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը իսլամական յայտնի տօներէն մէկուն` «Քուրպան պայրամ»-ի նախօրէին լոյս տեսած ամսագրի շապիկին նախագահ Էրտողան սելֆի կ՛ընէ զոհաբերուելիք ոչխարի ֆօնին: Թուրքիոյ մէջ ոստիկանութիւնը խուզարկումներ սկսած էր Nokta ամսագրի խմբագրութեան մէջ, երբ վերջինիս հերթական կազմին վրայ պատկերուած էր երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` դագաղներու կողքին ուրախ սելֆի ընելու ընթացքին:
Ինչպէս պարզաբանած էր հրատարակութեան խմբագրութիւնը, այդ կազմի պատկերը Էրտողանի այն խօսքերու պատասխանն է, որ քիւրտերու կողմէ սպաննուած զինուորներու ընտանիքները պէտք է երջանիկ ըլլան իրենց զաւակներու նահատակութեան համար: Երբ կազմը հրապարակուած էր համացանցին մէջ, իշխանութիւնները արգիլած էին այդ համարին տարածումը, որ «կը վիրաւորէ նախագահը ու ահաբեկչական քարոզչութիւն կ՛ընէ»: