ԹՈՒՐՔԻԱ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾՈՂՆԵՐՈՒՆ ՄԱՏՆԱՀԵՏՔԵՐԸ ՊԻՏԻ ԱՌՆՈՒԻՆ 

Յետ այսու՝ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մտադիր են առնել մատնահետքերը բոլոր անոնց, որոնք մուտք պիտի գործեն երկիր. այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան։

Ներքին գործոց նախարարը յայտարարած է. «Թուրքիա մուտք գործելու ընթացքին եկուորներուն մատնահետքերը պիտի առնուին, այնպէս ինչպէս տեղի կ’ունենան ԱՄՆ-ի եւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նախարարը աւելցուցած է, որ կը նախատեսուի ժամանակաւոր պաշտպանութեան կարգավիճակ ստացածներու, յատկապէս սուրիացիներու յատուկ փաստաթուղթերու գիները նուազեցնել։