Թուրքիոյ օդային տարածքներու շահագործման գլխաւոր վարչութեան պետ Հուսէին Քեսքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ օդակայաններէն դէպի Նախիջեւանի օդակայան կատարուող թռիչքներուն համար այսուհետեւ պիտի չօգտագործուին Հայաստանի կամ Իրանի օդային տարածքները:
Վերջինիս խօսքով՝ 15 Օգոստոսէն սկսեալ թռիչքները պիտի իրականանան Թուրքիոյ տարածքի այն նեղ միջանցքի օդային տարածքով, զոր կը կապէ Թուրքիան Նախիջեւանի հետ եւ սահմանին մօտ ունի ընդամէնը 13 քմ. տարածութիւն:
Ըստ Քեսքինի՝ արդէն աւարտած են օդային միջանցքի բացման դէպի Նախիջեւան ուղիղ թռիչքներու համար Քաղաքացիական օդակայանի միջազգային գործակալութեան հետ տարուող աշխատանքները: