Թուրքիոյ լեռնագնացները կը պահանջեն Արարատ լեռը բանալ զբօսաշրջութեան համար

Թուրքիոյ լեռնագնացները եւ զբօսավարները կը պահանջեն, որ Արարատ լեռը կրկին բացուի զբօսաշրջութեան համար:

Այս մասին տեղեկացնող թրքական  «Hürriyet» թերթի կայքը կը յիշեցնէ, որ 2 տարիէ սարը բարձրանալը արգիլուած է:

«Էրմենիհապեր» կը տեղեկացնէ, որ 2015-ի Օգոստոսէն Աղրըի (Արարատի` խմբ.) նահանգապետարանը «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) զինեալներու դէմ յատուկ ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու համար սարը եւ շրջակայ տարածքը «յատուկ անվտանգութեան գօտի» յայտարարած էր: Այդ ընթացքին PKK զինեալներու նկատմամբ կատարուած են ինչպէս ցամաքային, այնպէս ալ օդային ռազմական գործողութիւններ, որոնց մէկուն ժամանակ վնասազերծուած է նաեւ լերան հարաւային հատուածի PKK-ական պատասխանատուն:
Թուրքիոյ լեռնագնացներն եւ զբօսավարները համատեղ յայտարարութեան մէջ նշած են, որ անհամբերութեամբ կը սպասեն, թէ երբ նորէն Արարատը պիտի բացուի լեռնագնացութեան եւ զբօսաշրջութեան համար:

«1998-2015-ներուն լեռնագնացութեան, իսկ 2002-էն` զբօսաշրջութեան համար բացուած մեր երկրի սիրելի Արարատ լերան տարածքը 2 տարիէն աւելի փակ է, լեռ բարձրանալը` արգիլուած: Յատկապէս ամրան եւ աշնան ամիսներուն արտասահմանցի  լեռնագնացները, որոնք կը ցանկան Պայազետի եւ Իգտիրի կողմէ Արարատ բարձրանալ, կը պահանջեն վայրկեան առաջ տարածքը բանալ զբօսաշրջութեան համար: Մենք ալ, իբրեւ թուրք լեռնագնացներ, անհամբերութեամբ կը սպասենք լեռը բարձրանալուն»,-նշուած է յայտարարութեան մէջ: