Թուրքիոյ մէջ կը վաճառուին փրկարարական կեղծ բաճկոններ, որոնք փախստականներուն մահուան պատճառ կը դառնան

Սուրիայէն փախստականներու զանգուածային հոսքին պատճառով կը շահի Թուրքիոյ սեւ շուկան, ուր արտադրուած են հարիւրաւոր ցած որակի վտանգաւոր փրկարարական կիսաթեւ բաճկոններ` օգտուելով երեխաներու աշխատուժէն:

Ոստիկանութիւնը Թուրքիոյ Իզմիր շրջանին մէջ հագուստի անօրինական արհեստանոցի մը խուզարկութեան ընթացքին յայտնաբերուած է աշխատող երկու երեխայ:

Գործարանին մէջ աշխատող 2 սուրիացի աղջիկները յայտնաբերելէն բացի, ոստիկանութիւնը առգրաւած է փրկարարական 1263 կեղծ բաճկոն: Անոնց մէկ մասը պատրաստուած եղած են թոյլ անջրաթափանցութեամբ վրանի կտորէ եւ լեցուած եղած են սպունգով ու հին կտորներով:

Վատորակ ապրանքներու անօրինական արտադրութիւնն ու վաճառքը անցեալ տարի Միջերկրական ծովով անցնող 3771 փախստականներուն մահուան պատճառ դարձած է: Անոնց մեծ մասը Թուրքիոյ տարածքէն փորձած  են անցնիլ Եւրոպական մայր ցամաքամաս: Յունուարի առաջին օրերուն նման նաւակներէն մէկուն ջրասուզման հետեւանքով թրքական ափ հասած էին 21 փախստականներու դիակներ: