Թուրքիոյ մէջ «Իլէթիշիմ» հրատարակչութիւնը «Հայոց Ցեղասպանութիւնը 100 տարի անց» վերնագրին ներքոյ լոյս ընծայած է այն զեկուցումներու ժողովածուն, որոնք ներկայացուած են 2015 թուականին Փարիզի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով հրատարակչութեան կայքի տեղեկութիւնը:
Աղբիւրին համաձայն` ժողովածուին մէջ ընդգրկուած են ցեղասպանագիտութեան ոլորտի լաւագոյն մասնագէտներու զեկուցումները, որոնք ոչ միայն կը մեկնաբանեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ կ’անդրադառնան նաեւ օսմանեան տարածքներուն մէջ բնակած միւս փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ տարուած բռնատիրական քաղաքականութեան, Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան, իրաւագիտական հարցերուն եւ այլ յարակից թեմաներու: