Իտալիոյ Ռաւեննա (Ravenna) քաղաքը Հոկտեմբեր 22-ին միաձայն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատութեան վարչութենէն կը յայտնեն, որ Ռաւենայի Քաղաքային խորհուրդի կողմէ ընդունուած բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ հաշուի առնելով Իտալիոյ մէջ հայերու միութեան դիմումը, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը, որ հայերու ողբերգութիւնը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչցուած է ՄԱԿ մարդու իրաւունքներու ենթայանձնաժողովի, Եւրոպական խորհրդարանի, Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատի եւ Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի կողմէ (յիշատակելով 2015 թուականի Ապրիլ 12-ին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առթիւ պատարագի մատուցման ժամանակ անոր ունեցած ելոյթը), Ռաւեննայի քաղաքային խորհուրդը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առթիւ: