Իրանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Կատտամ Տհարմենտրան Իրանի Չահպահար նաւահանգիստի զարգացման կարեւորութիւնը շեշտելով նշած է. «Մենք կը ծրագրենք Չահպահարի արեւմտեան մասն ու Հնդկական ովկիանոսը կապըլ Եւրասիոյ եւ Հելսինքիի հետ Հայաստանի տարածքով՝ ստեղծելով «Հիւսիս-հարաւ» միջանցքը:
Ան նշած է, որ Նիւ Տելհի կը ծրագրէ Չահպահարը դարձնել շրջանի կարեւորագոյն եւ ամէնէն բեռնաւորուած նաւահանգիստը: Լուրը հաղորդած է իրանեան «Խապարօնլայն» թերթը:
Հնդիկ դիւանագէտը երկաթուղիով Աֆղանիստանի Չահպահար նաւահանգիստին հետ կապը կոչած է Հիւսիս-հարաւ մեծ միջանցքի նախագիծի առաջին օղակը: Ան շեշտած է, որ Նոր Տելհի կը ձգտի զարգացնել իր յարաբերութիւնները ովկիանոսային Չահպահար նաւահանգիստին միջոցով Կասպից ծովէն արեւելք եւ արեւմուտք ծովու ելք չունեցող երկիրներուն հետ: