Խոշտանգումներու Կանխարգիլման Եւրոպական Կոմիտէ. «Ատրպէյճան աննախադէպ խախտում կատարած է»

Եւրոպայի խորհուրդին մօտ Խոշտանգումներու Կանխարգիլման Եւրոպական Կոմիտէն հրապարակած է Ատրպէյճանի վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութիւն։

«Այս յայտարարութիւնը, որ եղած է Կոմիտէի ստեղծման մասին Համաձայնագրի 10-րդ յօդուածին համաձայն, կը վերաբերի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ԽԿԵԿ-ի հետ համագործակցութեան մշտական ​​բացակայութեան:

Հրապարակային յայտարարութիւն ընելու այս բացառիկ որոշման պատճառը ատրպէյճանական իշխանութիւններուն ուղղակի հրաժարումն է ԽԿԵԿ-ի հետ համագործակցութենէն։ Կոմիտէն անկեղծ փորձեր ըրած է կառուցողական երկխօսութեան մէջ մտնելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ՝ լուծելու այն խնդիրները, որոնք հիմքը կը կազմեն ԽԿԵԿ-ի գոյութեան: Իր զեկոյցներուն մէջ ան մանրամասնած է, որ շարունակած է ոստիկանութեան աշխատակիցներուն կողմէ վատ վերաբերմունքի եւ նոյնիսկ խոշտանգումներու մեղադրանքներ ստանալ:

Այնուամենայնիւ, Ատրպէյճանի ՆԳՆ-ն որեւէ քայլ չէ ձեռնարկած՝ կեանքի կոչելու Կոմիտէին վաղեմի յանձնարարականները՝ դադրեցնելու նման գործելաոճը: Բացի այդ, կոմիտէն չէ ստացած նամակներու պատասխաններ, որոնցմով խնդրած են դիւրացնել երկխօսութիւնը պաքուի մէջ բարձր մակարդակի բանակցութիւններու միջոցով կամ նոյնիսկ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն այցի մասին ծանուցելէ ետք: Ասիկա Համաձայնագրի հիմնարար եւ աննախադէպ խախտում է։

Հաշուի առնելով իրաւապահներուն կողմէ կալանաւորներու նկատմամբ վատ վերաբերմունքի եւ նոյնիսկ խոշտանգումներու հետ կապուած խնդիրներուն լրջութիւնը՝ ԽԿԵԿ-ն նաեւ որոշած է հրապարակել 2022 թուականին Ատրպէյճան կատարած յատուկ այցին զեկոյցը՝ որպէս հրապարակային յայտարարութեան յաւելուած։

Ինչպէս կը նշուի յայտարարութեան մէջ, կոմիտէն յոյս ունի, որ համագործակցութեան բացակայութիւնը չի յանգեցներ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններու մշտական ​​խզման։ ԽԿԵԿ-ն պատրաստ է աջակցելու իշխանութիւններուն՝ վճռական քայլեր ձեռնարկելու՝ պաշտպանելու հիմնարար արժէքները, որոնց հաւատարիմ է Ատրպէյճանը՝ որպէս Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիր։ Իր իրաւագիրին ծիրէն ներս Կոմիտէն լիովին հաւատարիմ է այդ նպատակով ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ երկխօսութիւնը շարունակելուն»,- նշած է Կոմիտէն: