Իրաք- («Ալ Մայատին»- Պէյրութ) Պաղտատի մէջ հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի հաւաք մը կատարելով պահանջած են թրքական ուժերուն հեռացումը: Ցոյցերը տեղի ունեցած են Պաղտատի «Ալ Թահրիր» հրապարակին եւ մայրաքաղաքի Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց, ուր բողոքողներուն անունով խօսք առնողներ դատապարտած են թրքական ուժերու միջմատնութիւնը Իրաքի մէջ պահանջելով Թուրքիոյ կառավարութիւնէն արագօրէն դուրս բերել իր ուժերը իրաքի հիւսիսային շրջաններէն: Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով Թուրքիայէն նոյնպէս պահանջած է հեռու մնալ Իրաքի մէջ միջամտութիւններ կատարելէ եւ արագօրէն դուրս բերել իր ուժերը Իրաքէն:
«Արեւելք»