Հայաստանը դրամաշնորհ ստացած է Գիւմրիի ճանապարհներու եւ փողոցներու լուսաւորութիւնը արդիականացնելու համար

Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմուտքի նախարարութիւնը, Վերակառուցման եւ Զարգացման Եւրոպական Դրամատունը (ՎԶԵԴ) եւ Գիւմրիի քաղաքապետարանը Չորեքշաբթի՝ 4 Մարտ 2020-ին, Ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ ստորագրած են դրամաշնորհ ներգրաւելու մասին համաձայնագիր:

Ստորագրուած համաձայնագիրով ՎԶԵԴ-ը E5P հիմնադրամի միջոցներէն 2 միլիոն եւրօ գումարի դրամաշնորհ պիտի յատկացնէ Գիւմրի քաղաքի ճանապարհներու, ինչպէս նաեւ փողոցներու լուսաւորութեան արդիականացման համար:

Համաձայնագիրը ստորագրած են ՀՀ ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեանը, ՎԶԵԴ-ի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Տմիթրի Կուինտաձէն, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանը եւ E5P տարածաշրջանային հիմնադրամի գլխաւոր կառավարիչ Էւա Մանիգը:

Դրամաշնորհի միջոցներով պիտի տեղադրուի ուժանիւթ խնայող նոր LED (լուսատիոտային) լուսաւորութիւն, կառավարման եւ կարգաւորման համակարգ, պիտի փոխարինուին եւ նորոգուին սիւները, ինչպէս նաեւ հոսանքի մալուխները: Կատարուելիք աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք պիտի կրճատուի ուժանիւթի սպառումը, եւ նուազագոյնի պիտի հասցուին շահագործման եւ սպասարկման ծախսերը:

Նոր LED լուսաւորութիւնը զգալիօրէն պիտի նուազեցնէ ուժանիւթի սպառման արժէքը, որուն իբրեւ արդիւնք քաղաքապետարանը պիտի տնտեսէ ելեկտրականութեան տարեկան ծախսը: