Հայաստանը դարձած է միջազգային ծովային կազմակերպութեան (IMO) անդամ` միանալով համապատասխան պայմանագիրին: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, նշուած է ՄԱԿ-ի կայքէջին մէջ:
Հայաստանը դարձաւ 173-րդ երկիրը, որ կ՝անդամակցի կազմակերպութեան, որ նաեւ երեք անդամ ունի:
Միջազգային ծովային կազմակերպութիւնը միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւն է, որ կ՝ենթարկուի ՄԱԿ Գլխաւոր վեհաժողովին, կը մասնագիտանայ միջազգային առեւտրային նաւագնացութեան հետ կապուած ճարտարագիտական հարցերու շուրջ գործակցութեան եւ տեղեկատւութեան փոխանակման ոլորտին մէջ:
2017 Հոկտեմբերին, ԱԺ-ի մէջ ներկայացնելով Միջազգային ծովային կազմակերպութեան մասին պայմանագիրը, ՀՀ փոխադրամիջոցի, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու փոխնախարար Գագիկ Գրիգորեան յայտարարած էր, որ Հայաստանը, միանալով պայմանագիրին, պիտի կարենայ իր դրօշը բարձրացնել նաւերուն վրայ:
Պայմանագիրին միանալու շնորհիւ՝ Հայաստանի ընկերութիւնները կրնան իրենց նաւերու եւ լաստանաւերու վրայ հայկական դրօշը բարձրացնել: Հանրապետութիւնը կրնայ ընդունիլ նաեւ արտասահմանեան նաւերու հաշուառումները, քանի որ այդ հարցով ծովային իրաւունքի սահմանափակումներ չկան: Բացի այդ, պայմանագիրը պիտի կանոնակարգէ այդպիսի նաւերու ընդունումը նաւահանգիստներու մէջ: