ՀՀ Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպութեամբ եւ Գերմանիոյ Դեմոկրատական Հանրապետութեան ՀՀ դեսպանութեան ու Երեւանի «Կէօթէ կեդրոն»-ի աջակցութեամբ, Մարտ 21-24, Հայաստանը, անգամ մը եւս, մասնակցեցաւ Գերմանիոյ Լայպցիգ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ամենամեայ Գիրքի միջազգային տօնավաճառին:
Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուեցան հայ դասական եւ ժամանակակից գրողներու, նկարիչներու ստեղծագործութիւններ, Հայաստանի եւ հայոց պատմութեան տեղացի եւ օտար հեղինակներու աշխատանքներ` հայերէն, գերմաներէն եւ այլ լեզուներով:
Փառատօնին Թորստեն Ֆլայգի, Զառա Սաֆարեանի՝ համապատասխանաբար Հայաստանի եւ հայկական խոհանոցի մասին գերմաներէնով հրատարակուած գիրքերուն, ինչպէս նաեւ Արամ Պաչեանի, Գրիգի, Յովհաննէս Երանեանի գիրքերէն կատարուեցան գերմաներէն թարգմանուած հատուածներու ընթերցանութիւններ՝ արժանանալով ունկնդիրներու բարձր հետաքրքրութեան ու դրական արձագանգին:
Տօնավաճառին Գերմանիոյ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան առանձնազրոյց մը ունեցաւ տօնավաճառի գլխաւոր տնօրէն Օլիվըր Ցիլլէի հետ: Վերջինս գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ Հայաստանի այս տարուան աշխոյժ մասնակցութեան մասին: Դեսպանը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ հռչակաւոր հրատարակչութիւններու ղեկավարներուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցանարդիւնաւէտ գործակցութեան հեռանկարները:
Աւելցնենք, որ ամէն տարի, Մարտին տեղի ունեցող Լայպցիգի Գիրքի միջազգային տօնավաճառը, Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթի գիրքի տօնավաճառէն ետք իր ծաւալով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: 17-րդ դարուն սկիզբ առած այս աւանդոյթը՝ այսօր կարելիութիւն կ՛ընձեռէ աւելի քան 200.000 այցելուներու՝ ծանօթանալու Գերմանիոյ եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու շուրջ 2500 հրատարակչութիւններուն կողմէն ներկայացուած այլազան բնոյթի գրականութեան եւ անձամբ մասնակցելու հեղինակներու քննարկումներուն: