Հայկական գինին Չինաստանի մէջ բաւական մեծ պահանջարկ ունի. գինեգործութեան հիմնադրամի տնօրէն

Նոյեմբեր 14-16 Չինաստանի մէջ իրականացած է գինիի Prowinchina ցուցահանդէս, որուն Հայաստանէն մասնակցած է 13 գործարան:

Այս մասին, ըստ News.am-ի, այսօր Երեւանի մէջ իրականացուող «Գինիի համաշխարհային միտումները եւ լաւագոյն փորձը. հետեւութիւններ ու առաջարկներ Հայաստանի համար» խորագիրով միջազգային եռօրեայ համաժողովին ծիրէն ներս լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքէլեանը:

Իր հերթին, Գինեգործութեան հիմնադրամի տնօրէն Զառա Մուրատեան նշած է, որ հայկական տաղաւարին վրայ բաւական մեծ ուշադրութիւն եղած է: «Մենք ունեցած ենք մօտ 300 տարբեր այցելու: Մենք վերջերս վերադարձած ենք: Կը կարծեմ` շուտով պիտի կարենանք նաեւ արդիւնքներու մասին յայտնել»,- նշած է Մուրատեանը` աւելցնելով, որ չինացի գործընկերներու հետ կապի ժամանակ իրենք յաջողած են պարզել, որ հայկական գինին չինական շուկային մէջ ունի իր յատուկ տեղը, եւ ընդհանուր առմամբ բարձր կը գնահատուի: