Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Արակոնի խորհրդարանը բանաձեւ ընդունած է

2015 թուականի Դեկտեմբեր 2-ին Արակոնի խորհրդարանը ընդունեց հռչակագիր, որ կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը` «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» (ՀԵԲ կայք` www.EuFoA.am) կազմակերպութեան կողմէ եւ շարք մը օրէնսդիրներու մասնակցութեամբ դէպի Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ կազմակերպած ճանաչողական բազմաթիւ այցերու արդիւնքով, կը հաղորդէ News.am-ը:

Պատգամաւոր Կրեկորի Պրիզ Սանչեսի մշակած բանաձեւը յիշատակի տուրք կը մատուցանէ աւելի քան 1,5 միլիոն հայերուն, որոնք սպաննուած են Օսմանեան կայսրութեան ծաւալած գործողութիւններու հետեւանքով: Պատգամաւորը կոչ կ՛ընէ թրքական կառոյցներուն, ներառեալ թրքական կառավարութեան` ընդունելու այս պատմական իրողութիւնը:

Հաշուի առնելով, որ 2015 թուականին կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցը, միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններ, ներառեալ Եւրոպական Խորհրդարանը եւ քաղաքական մարմիններ հանդէս եկած են Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակման միջնորդութիւններով: Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս առաջինը նոյնպէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2015 թուականի Ապրիլին ընդունած հռչակագիրով: Այս բոլոր իրողութիւնները ամփոփուած են Արակոնի խորհրդարանի ընդունած փաստաթուղթին մէջ:

Ի յաւելումն ըսուածին, բանաձեւը յարգանքի տուրք կը մատուցանէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` ի նշան համերաշխութեան եւ եւրոպական արդարութեան: Անիկա կ՛ընդգծէ, որ Եւրոպական Միութիւնը ցեղասպանութեան կանխարգելումը եւ մարդկութեան դէմ  յանցագործութիւններու դատապարտումը պէտք է ընդունի որպէս բարձրագոյն առաջնահերթութիւն:

Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ կառավարութեան` օգտագործելու Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցը որպէս ճանաչման հնարաւորութիւն, բանալ թրքական արխիւները եւ ընտրել հաշտեցման ուղին թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ: Անիկա նաեւ կ՛ընդգծէ, որ թուրք մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու ստուար զանգուած մը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն հիման վրայ կը յորդորէ նաեւ թրքական կառոյցներուն վարուիլ նոյն կերպով:

«Բաւական յուսադրող է տեսնել, որ այս տարի ոչ միայն եւրոպական երկրները, այլ նաեւ ԵՄ անդամ երկիրները եւ շրջանային խորհրդարանները ընդունած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր»,- կը մեկնաբանէ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան ղեկավար Էտուարտօ Լորենցօ Օչոան: «Ես կը կարծեմ, որ սա կարելի է ընդունիլ որպէս Թուրքիոյ ուղղուած ուղերձ, եւ որ Եւրոպան կը սպասէ, որ Թուրքիան ճանչնայ սեփական պատմութիւնը: Այսօր յստակ ազդանշան կ՛ուղղուի նաեւ հայերուն: Արակոնցիները կանգնած են հայերուն կողքին` ճանչնալով 21-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը» ,- կ՛աւելցնէ պարոն Օչոան:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Սպանիոյ` օգնելու, որ Թուրքիան պահէ իր խոստումը` պաշտպանել եւ պահպանել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իր տարածքին մէջ եւ աւելի գործօն դերակատարութիւն ցուցաբերել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան նպաստելու գործին: Եւրոպական պատմութիւնը ազգերու միջեւ հաշտութեան բազմաթիւ օրինակներ ունի, որոնք կրնան ծառայել որպէս ուղենիշ:

Արակոն ինքնավար համայնք է Սպանիոյ հիւսիս-արեւելեան մասին մէջ, որ սահմանակից է Ֆրանսային: Ունի 1,2 միլիոն բնակչութիւն եւ 47, 719 ք/կմ տարածք (քիչ մը աւելի մեծ է, քան Էսթոնիան): Ան Սպանիոյ հինգերորդ համայնքն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` Պասքերու երկրէն, Քաթալոնիայէն, Բալէարեան կղզիներէն եւ Նաւարէէն ետք: