Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու տունը վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։ Տեղեկութիւնը փոխանցեց Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան՝ նշելով, որ այս վաւերացումը կատարուած է առանց քննարկումի եւ քուէարկուած է միաձայնութեամբ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ համաձայնագիրին՝ յատուկ ընթացակարգով վաւերացումը նկատեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն դրական զարգացում: «Ակնյայտօրէն Հայաստան-Նիդերլանդներ յարաբերութիւնները որակական նոր փուլ են թեւակոխել», յայտնեց ան։