Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը անդրադարձած է «քորոնա» ժահրի պատճառով տեղի ունեցող համաշխարհային տնտեսական զարգացումներուն։ ՀՀ Կեդրոնական դրամատան մեկնաբանութեան մէջ նշուած է.
«ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը ուշադիր կը հետեւի «քորոնա» ժահրի պատճառով տեղի ունեցող համաշխարհային տնտեսական զարգացումներուն։ Այս պահու գնահատականներուն համաձայն կ’ակնկալուի, որ այդ ազդեցութիւնները թէ՛ համաշխարհային տնտեսութեան, եւ թէ՛ ՀՀ տնտեսութեան վրայ պիտի ըլլան կարճաժամկէտ։ Այնուամենայնիւ՝ Կեդրոնական դրամատունը ուշադրութիւն կը դարձնէ համաշխարհային տնտեսութեան, ելեւմտական եւ ապրանքահումքային շուկաներու զարգացումներուն եւ կը գնահատէ այն կարճաժամկէտ ազդեցութիւնները, որոնք կրնան արձանագրուիլ ՀՀ տնտեսութեան վրայ։ Անհրաժեշտութեան պարագային Կեդրոնական դրամատունը մշտապէս պատրաստ է արձագանգելու՝ ապահովելով գիներու եւ ելեւմտական կայունութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ»։