Մամետեարով. «Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին պիտի բացուի Հոկտեմբեր 30-ին»

Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին պիտի բացուի Հոկտեմբերի 30-ին: Ըստ «Ազատութեան» ռատիոկայանի Կիրակի՝ 8 Հոկտեմբեր 2017-ին,  Թիֆլիսի մէջ` իր վրացի գործընկեր Միխէիլ Ջանելիձէի հետ հանդիպման ժամանակ՝ յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով:

Երկաթուղին, յիշեցնենք, պէտք է բացուէր անցած տարի, սակայն բացումը յետաձգուած էր, եւ Կիրակի օր պաշտօնական Պաքուն յայտարարեց, որ արդէն քանի մը շաբաթէն անիկա պիտի սկսի գործելու:

Հոկտեմբեր 8-ին Թիֆլիսի մէջ հաւաքուած էին Վրաստանի, Մոլտովայի, Ուքրանիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները` նշելու ՎՈՒԱՄ կազմակերպութեան 20-ամեայ յոբելեանը: Հանդիպման, աւանդոյթի համաձայն, յայտարարուած է` ՎՈՒԱՄ անդամները կ՛աջակցին Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Ատրէյճանի Մոլտովայի եւ տարածքային ամբողջականութեանն ու ինքնիշխանութեանը:

Չորս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են ապագայ ծրագիրները, որոշած են աւելի խորացնել տնտեսական համագործակցութիւնը եւ յայտարարած են Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու մտադրութեան մասին:

«ՎՈՒԱՄ-ը իր ստեղծման օրէն ի վեր համագործակցած է Միացեալ Նահանգներու հետ եւ մտադիր է շարունակելու աշխոյժ համագործակցութիւնը», – նոյն օրը յայտարարած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Ալտա Էֆենտիեւը եւ աւելցուցած` ՎՈՒԱՄ-ի հետ համագործակցութեան յայտ ներկայացուցած են մերձբալթեան երկիրները, ինչպէս նաեւ Լեհաստանը, Չեխիան, Սլովաքիան եւ Հունգարիան: