Միխայիլ Կալուզին. «Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն աւելի արդիւնաւէտ անվտանգութեան մեխանիզմ պիտի չգտնէ, Արեւմուտքի առաջարկը «Թուղթէ հովանոց» է»

Հայաստանի աշխոյժ մասնակցութիւնը Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նպաստած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան պահպանման, սակայն Արեւմուտքին մերձենալու Երեւանի ցանկութիւնը ետ թողած է անոնց:

Այս մասին Յունիս 18-ին ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։

«Ցաւօք, արեւմտեան խօսոյթներու ազդեցութեան տակ տեղի ունեցած է երկկողմ քաղաքական շփումներու կտրուկ նեղացում։ Երեւանէն երթալով աւելի յաճախ կը հնչեն Ռուսաստանի, ՀԱՊԿ-ի, անվտանգութեան գործող համակարգի հասցէին անհիմն քննադատութիւնները։ Սա, մեղմ ըսած, ապակառուցողական է ու անհեռատես»,- ըսած է ան:

Կալուզին նշած է, որ Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն աւելի արդիւնաւէտ անվտանգութեան մեխանիզմ պիտի չգտնէ։

Ան ընդգծած է, որ Արեւմուտքի խոստումները երկրի ինքնիշխանութիւնը կը քայքայեն, տեսակ մը «թուղթէ հովանոց»-ի նման են: Բացի անկէ, ատիկա անյարմարութիւններ կը ստեղծէ տարածաշրջանին ներսը յարաբերութիւններուն մէջ։

«Անվտանգութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի ինքնիշխանութեան հետագայ քայքայումը եւ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի «թուղթէ հովանոցի» տակ արեւմտեան օրինաչափութիւններու անցումը պարզապէս անհնարին պիտի դարձնէ Ռուսաստանի հետ եւ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ միասնական պաշտպանական տարածքի պահպանումը»,- ընդգծած է Կալուզինը։