Մոճթապա Տեմիրճիլուն. «Իրան դէմ է միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու եւ աշխարհաքաղաքական սթաթիւս-քոյի որեւէ փոփոխութեան»

Վերջերս, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան՝ Ալեքսէյ Տետովը, վերջին շրջանին Մոսկուայի կողմէ Ատրպէյճանը Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանին կապող «միջանցք»-ին աջակցութեան պատճառով: Այս մասին հաղորդած է Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի թելեկրամեան ալիքը:

Թեհրան իր մտահոգութիւնը յայտնած է եւ ըսած, որ դէմ է աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան, որ կրնայ խախտել շրջանին մէջ հաստատուած սահմանները:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը մանրամասնէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական եւ Եւրասիոյ հարցերով ընդհանուր տնօրէն Մոճթապա Տեմիրճիլուն Թեհրանի աջակցութիւնը յայտնած է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ Իրան դէմ է միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու եւ աշխարհաքաղաքական սթաթիւս-քոյի որեւէ փոփոխութեան:

Տեմիրճիլու Երկուշաբթի՝ 2 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Տետովի հետ հանդիպումի ընթացքին նաեւ ընդգծած է շրջանի բոլոր երկիրներու շահերուն եւ օրինական մտահոգութիւններուն ուշադրութիւն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

Երկու դիւանագէտները միտքեր փոխանակելով Կովկասի մէջ ընթացող զարգացումներու շուրջ նշած են ազգային գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ երկիրներու փոխադարձ շահերու յարգումը, որոնք, անոնց կարծիքով, կայուն խաղաղութեան եւ շրջանային համագործակցութեան երաշխաւորն են:

Տեմիրճիլու եւ Տետով նաեւ ընդգծած են շրջանի երկիրներու կարողութիւններու օգտագործման անհրաժեշտութիւնը` խնդիրները լուծելու եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման եւ տնտեսական ծրագիրներու իրականացման համար` նկատի ունենալով բոլոր կողմերու շահերը:

Կայացաց նիստին՝ խօսուած է նաեւ «3+3» խորհրդատուական ձեւաչափի յառաջիկայ հանդիպման մասին: Ձեւաչափը կը ներառէ հարաւկովկասեան երեք երկիրներ Հայաստանը, Վրաստանն ու Ատրպէյճանը եւ դրացիներ Ռուսիան, Թուրքիան ու Իրանը: Ձեւաչափը կը վերաբերի շրջանին մէջ անվտանգութեան, տնտեսական եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման վերաբերող հարցերուն:

Աւարտին յիշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով Երկուշաբթի օր խօսելով Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակութեան վերականգնման մասին դժգոհած էր, որ Ռուսիա-Հայաստան-Ատրպէյճան եռակողմ համաձայնութիւնները օդէն կախուած մնացած են:  Ան յիշեցուցած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ այդ կէտը կայ: «Հայաստանը սկիզբը հրաժարեցաւ ինքնաշարժային ճամբայէն եւ պնդեց, որ միայն երկաթուղային ըլլայ: Յետոյ յանկարծ Հայաստանը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ սահմանապահները պիտի չմասնակցին, թէեւ ատիկա սեւով սպիտակի վրայ գրուած է 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ», ըսած էր ան: