Սուրիական պատերազմի պատճառով, 5 տարիէ ի վեր դադրած Դամասկոսի ամենամեայ աւանդական ցուցահանդէսը, այս տարի արդէն տեղի պիտի ունենայ 17 Օգոստոսին, Դամասկոսի օդակայանի ճամբուն վրայ, յատուկ տրամադրուած տարածքի մը մէջ։
59-րդ միջազգայի ցուցահանդէսի կազմակերպման համար, նոր տարածքին մէջ պիտի կատարուին շինարարական անհդաժեշտ բոլոր աշխատանքները։ Ցուցահանդէսներու եւ միջազգային շուկայի ընդհանուր տնօրէն Ֆարէս Քրաթլիի «Սանա»ի տուած վկայութեամբ, այս ցուցահանդէսի յաջողութեան համար լծուած են ե՛ւ պետական ե՛ւ սեփական կառոյցներ, նշելով, որ արդէն աշխատանքներու 90 տոկոսը աւարտուն վիճակի մէջ է։
Նոյն տարածքին մէջ տեղի պիտի ունենան աւանդական դարձած ծաղիկներու եւ գիրքերու ցուցահանդէսները։
Սուրիոյ տնտեսական վերելքին նպաստող այս միջազգային ցուցահանդէսի յաջողութեան համար աշխատող բոլոր կողմերը ամէն ինչ կ՚ընեն, որ Սուրիա վերստին ապրի իր մշակութային եւ ընկերային կեանքը։