Նախարար Սարգսեանը Ռուսիոյ մէջ մասնակցած է «Արմիա-2017» ցուցահանդէսի բացումին

Երեքշաբթի՝ 22 Օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցած է Ռուսիոյ «Փաթրիոթ» ցուցահանդէսային համալիրին մէջ  (Մոսկուա) տեղի ունեցած «Արմիա-2017» 3-րդ միջազգային զինուորական արհեստագիտական համաժողովին եւ ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Ցուցահանդէսին Հայաստանի Հանրապետութեան զինուորական-արդիւնաբերական համալիրը ներկայացուած է առանձին տաղաւարով:

Շրջելով ցուցահանդէսի տաղաւարները` նախարար Վիգէն Սարգսեան ծանօթացած է տարբեր ընկերութիւններու զինուորական նշանակութեան արտադրանքի նմուշներուն:

Այցելութեան ընթացքին նախարարին ընկերակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ-Ռազմարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Փախչանեան: