Նախորդ հինգ տարիներուն Հայաստան 415 տոկոսով աւելի զէնք ներածած է

Սթոքհոլմի Միջազգային խաղաղութեան հետազօտութիւններու հիմնարկին (SIPRI) կողմէ Մարտ 9-ին հրատարակուած եւ զէնքի համաշխարհային առեւտուրին վերաբերող տարեկան զեկոյցին մէջ կը շեշտուի, որ վերջին հինգ տարիներուն (2015-2019), Հայաստան 415 տոկոսով աւելացուցած է զէնքերու եւ զինամթերքի ներածումները, նախորդ հնգամեակին (2010–2014) հետ համեմատած: Այս մասին կը հաղորդէ “Ազատութիւն” ձայնասփիւռի կայանը։

Հեղինակաւոր այս կառոյցին տուեալներուն համաձայն՝ Հայաստանի ռազմական ներածումներուն առիւծի բաժինը՝ 94 տոկոսը, Ռուսիայէն կատարուած է:

Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն՝ նախորդ հինգ տարիներուն, Ատրպէյճան շուրջ 40 տոկոսով նուազեցուցած է իր ռազմական ներածումները՝ նախորդ հնգամեակին հետ համեմատած: Սակայն, այդ կրճատումով իսկ, (2015-2019)-ին Ատրպէյճան զէնքեր գնելու ծաւալներով գերազանցած է Հայաստանը, առաւել քան երեք անգամով։ Ատրպէյճան իր զինատեսակներուն 60 տոկոսը ներածած է Իսրայէլէն, իսկ 31 տոկոսը՝ Ռուսիայէն:

Յիշեցնելով 2016-ի Քառօրեայ պատերազմը՝ զեկոյցը կը նշէ, որ հիմա երկու երկրներն ալ կ’ընդարձակեն իրենց ռազմական կարողութիւնները՝ ձեռք բերելով նաեւ հրթիռներ, որոնք կրնան հարուածել շատ աւելի մեծ հեռաւորութեամբ թիրախներ հակառակորդին տարածքէն ներս:

Թուրքիա, որ 90-ականներուն զէնքի ներածման ծաւալով երրորդն էր աշխարհի տարածքին, վերջին հնգամեակին մօտաւորապէս երկու անգամով կրճատած է գնումները եւ այժմ կը գրաւէ 15-րդ դիրքը: Ըստ փորձագէտներուն՝ ներածումներուն նուազումը կապ ունի յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ հետ Անգարայի յարաբերութիւններուն վատթարացումն է, նկատի ունենալով, որ այդ երկիրները Թուրքիոյ զէնքերու գլխաւոր մատակարարներն են:

Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն՝ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ մնալ աշխարհի առաջատար զէնք վաճառողը։

Ռուսական զէնքերու վաճառքը միջազգային շուկային մէջ (2014-2019)-ին կրճատուած է մօտաւորապէս 20 տոկոսով, որովհետեւ Հնդկաստան, որ ժամանակին ռուսական զէնքի մեծագոյն ներածողներէն էր, վերջին տարիներուն կրճատած է իր գնումները: