Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Չինաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան 4 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար Չան Վանցեուանի հետ:
Նախարար Վիգէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Չինաստանին` տարիներ շարունակ Հայաստանի պաշտպանական մարզին մէջ անհատոյց օգնութիւն տրամադրելու համար: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին գնահատումով` ատիկա հայ-չինական բարեկամական յարաբերութիւններու վկայութիւններէն մէկն է: Հանդիպումի աւարտին ստորագրուած է հերթական` Հայաստանին 10 միլիոն եուանի (մօտ 1 միլիոն 540 հազար ամերիկեան տոլար) օգնութեան տրամադրման համաձայնագիրը:
Նախարար Վիգէն Սարգսեան 5 Սեպտեմբերին հանդիպած է Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի անդամ, Չինաստանի կեդրոնական զինուորական խորհուրդի փոխնախագահ Սիւ Ցիլեանի հետ:
Ողջոյնի իր խօսքին մէջ` նախարար Վիգէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Չինաստան այցելելու հրաւէրին եւ հայկական պատուիրակութեան ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար: Սիւ Ցիլեան, իր կարգին, համոզում յայտնած է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին այցելութիւնը Չինաստան նոր խթան պիտի հանդիսանայ հայ-չինական յարաբերութիւններու խորացման գործին:
Վիգէն Սարգսեան ներկայացուցած է այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները` նախանշելով պաշտպանական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման հեռանկարներն ու կարելիութիւնները:
Հայաստանն ու Չինաստանը տարիներ շարունակ արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցին բազմաթիւ ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ պաշտպանական հարցերով: Մասնաւորապէս` աշխուժ փոխադարձ գործակցութիւն ծաւալած է զինուորական կրթութեան եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ: Վիգէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է ղարաբաղեան տագնապի հարցով Չինաստանի հետեւողական եւ կառուցողական դիրքորոշումին համար: