ՌԴ դեսպան Սերկէյ Կոպիրկին. «Եւրոմիութեան առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ կը զբաղուի հետախուզական տուեալներ հաւաքելով»

Եւրոմիութեան առաքելութիւնը, որ կը գործէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին, հսկողութեան քօղի տակ կը զբաղուի հետախուզական տուեալներու հաւաքմամբ Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսաստանի դէմ, Երեւանի մէջ ըսած է ՌԴ դեսպան՝ Սերկէյ Կոպիրկին։

«Շատ վտանգներ, որոնց այսօր ենթակայ է Հայաստանը, կարելի էր չեզոքացնել, եթէ 2022թ. Սեպտեմբերին Երեւանը համաձայնէր իրականացնել ՀԱՊԿ-ի առաջարկը Ատրպէյճանի հետ սահմանի իրավիճակի կայունացման վերաբերեալ։ Խօսքը լուրջ նախաձեռնութիւններու մասին էր, ներառեալ ռազմատեխնիկական օգնութիւնը, հսկողութիւն ապահովող առաքելութեան առաքում եւ աջակցութիւն սահմանապահ զօրքերու վարժութեան։ Ցաւօք, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը նախընտրեց հրաւիրել Եւրոմիութեան առաքելութեան, որ ոչ մի բանով չի պաշտպաներ պետութեան սահմանները, այլ «մոնիթորինգի» քօղի տակ կը զբաղուի հետախուզական տուեալներ հաւաքելով Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսաստանի դէմ,- ըսած է դիւանագէտը «Союзники. ОДКБ» հասարակական-քաղաքական պարբերականի հարցազրոյցի ընթացքին։

Անոր խօսքով՝ Հարաւային Կովկասի ճակատագիրը եւ ապագան պէտք է որոշեն բացառապէս տարածաշրջանի երկիրները եւ հարեւան գործընկեր պետութիւնները։ «Դուրսէն ոչ ոք խաղաղութիւն եւ բարգաւաճութիւն կը բերէ մեր ընդհանուր տունը։ Եթէ խօսինք երկարատեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան, սոցիալ-տնտեսական զարգացման կայունութեան ապահովման խնդիրներու մասին, ապա ատոնց բնաւ չեն համապատասխաներ «հաւաքական Արեւմուտքի» պլանները տարածաշրջանի ռազմականացման եւ այնտեղ ԵՄ եւ ՆԱԹՕ ռազմաքաղաքական ազդեցութեան ընդլայնման վերաբերեալ»,- նշած է Կոպիրկին։