Ռեճեփ Էրտողան. «Մենք գոհունակութեամբ ընդունած ենք Ատրպէյճանին չորս գիւղ վերադարձնելու շուրջ համաձայնութիւնը»

Մենք գոհունակութեամբ ընդունած ենք Ատրպէյճանին 4 գիւղ վերադարձնելու շուրջ համաձայնութիւնը: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք:

«Թուրքիան բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ` կայուն խաղաղութեան հասնելու համար», ըսած է ան:

Վերջերս, Էրտողան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային ու համաշխարհային օրակարգը:

«Էրտողան գոհունակութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ հոլովոյթի դրական յառաջընթացին նկատմամբ եւ նշած, որ Թուրքիան ուշադրութեամբ կը հետեւի այդ հոլովոյթին: Էրտողան ըսած է, որ շրջանին մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութիւնը նոր պայմաններ պիտի ստեղծէ թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի եւ շրջանի այլ երկիրներուն համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ: