Սթեֆան Սեժուռնէ. «Փարիզ յոյս ունի, որ նախքան ՔՈՓ-29-ը Պաքու պիտի ապացուցէ խաղաղութեան հասնելու իր փափաքը»

Վերջերս Հայաստան այցելող, Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար՝ Սթեֆան Սեժուռնէ Երեւանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ Փարիզ յոյս ունի, որ նախքան Նոյեմբերին տեղի ունենալիք ՔՈՓ-29-ը Պաքու պիտի ապացուցէ խաղաղութեան հասնելու իր փափաքը:

«Հայաստան խաղաղութիւն կ’ուզէ, Ֆրանսա խաղաղութիւն կ’ուզէ, միջազգային հանրութիւնը խաղաղութիւն կ’ուզէ, եւ քանի որ Ատրպէյճան շուտով պիտի հիւրընկալէ ՔՈՓ-29-ը, ուստի անոր պատասխանատուութիւնը ցոյց տալն է, որ անկեղծօրէն կը փափաքի հասնիլ այդ խաղաղութեան` նախքան ՔՈՓ29-ը: Կը կարծեմ, թէ պէտք է կարենանք յառաջ ընթանալ այս նիւթին շուրջ շատ արագ»,  ըսած է Սեժուռնէ:

Ան նաեւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ նախ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ, ապա Հ.Հ. վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սեժուռնէ յայտարարեց նաեւ, որ Փարիզ կ’աջակցի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կարելի եղածին չափ արագ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան, որ պիտի հաստատէ արդար եւ կայուն խաղաղութիւն: Նոյն սկզբունքները, ըստ Սեժուռնէի, պէտք է նաեւ հիմք հանդիսանան սահմանագծման գործընթացին:

«Պայմանագիր մը, որ պիտի յարգէ գերիշխանութիւնը եւ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը: Ասիկա Ալմա Աթայի մէջ 1991-ին ստորագրուած փաստաթուղթին ամբողջ իմաստն է, եւ Փրակայի մէջ 2022-ին քաղաքական հանրութեան այս նոյն գաղափարը ներկայացուած է», աւելցուցած է Սեժուռնէ: