Տմիթրի Փեսքով յոյս յայտած է, որ Մոսկուայի և Երեւանի միջեւ կը գերիշխեն դաշնակցային յարաբերութիւններն ու գործընկերութիւնը

Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կ’ակնկալէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մէջ կը գերակայեն երկու պետութիւններու միջեւ առկայ դաշնակցային յարաբերութիւններն ու գործընկերութիւնը։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ ՏԱՍՍ-ը՝ փոխանցելով ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովի խօսքերը։

«Մենք կը շարունակենք մեր շփումները հայկական կողմին հետ։ Կ’ակնկալենք, որ մեր յարաբերութիւններու դաշնակցային բնոյթը, գործընկերային բնոյթը կը գերիշխեն»,- նշած է Քրեմլի ներկայացուցիչը՝ մեկնաբանելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները ՀԱՊԿ-ի եւ Պիելոռուսիոյ վերաբերեալ։