Տմիթրի Փեսքով. «Փաշինեանն ու Փութինը համաձայնութեան եկած են՝  ՀՀ տարբեր մարզերէն ՌԴ զինուորականներու դուրսբերման մասին»

Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով  անդրադարձած է Հայաստանի տարբեր մարզերէն Ռուսաստանի Դաշնութեան սահմանապահ ու զինուորական կէտերու դուրսբերման որոշումին:

«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ Փեսքովը «ՌԻԱ Նովոստի»-ին ըսած է. «Իսկապէս, պայմանաւորուած այն հանգամանքով, որ պայմանները փոխուած են, Փաշինեանն ու Փութինը համաձայնութեան եկած են այս հարցով»։

Փեսքովը յաւելած է, որ հայկական կողմի խնդրանքով ռուս սահմանապահները կը մնան Իրանի եւ Թուրքիայի հետ սահմանին:

Աւելի վաղ ՀՀ ԱԺ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար՝ Հայկ Կոնջորեանը յայտնած էր, որ համաձայն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան՝44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ ատկէ ետք Տաւուշի, Սիւնիքի, Վայոց ձորի, Գեղարքունիքի, Արարատի մարզերուն մէջ տեղակայուած ՌԴ սահմանապահ եւ զինուորական կէտերը կը դադրեցնեն իրենց տեղակայումը եւ դուրս կու գան այդ կէտերէն: