Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ յոյս ունի շարունակել ԱՄԷ-ի հետ սերտ համագործակցութիւնը

Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ Մայիսի 16-ին շնորհաւորած է շէյխ Մուհամմէտ Պըն Զայէտ Ալ-Նահաեանին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ ընտրուելու առիթով:

Ինչպէս կը յաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով «ՏԱՍՍ»-ին, ուր այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Քանատայի կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Վարչապետ Թրուտոն նշած է, որ Քանատան եւ ԱՄԷ-ն սերտ համագործակցութեան մէջ են առեւտուրի, նորարարութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ, ունին ընդհանուր հետաքրքրութիւններ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութեան հարցին մէջ:

«Երբ ամիս մը առաջ ես կը զրուցէի շէյխ Մուհամմէտի հետ, մենք պայմանաւորուած էինք համագործակցիլ՝ արձագանքելով Ուկրանիայի մէջ հասարակական ճգնաժամի եւ պատերազմի՝ համաշխարհային առեւտրային անվտանգութեան վրայ ազդեցութեան: Ես վստահ եմ, որ իր նոր պաշտօնին շէյխ Մուհամմէտը կը շարունակէ ամրապնդել յարաբերութիւնները Քանատայի եւ ԱՄԷ-ի միջեւ»,-նշած է Թրուտոն:

Աւարտին յիշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) նախագահ Խալիֆա Պըն Զայէտ Ալ-Նահեանը մահացաւ Մայիսի 13-ին: Ան 73 տարեկան էր: