Թուրքիան դէպի ահաբեկչական վարչակարգ կ՛երթայ: Այս մասին յայտարարած է նոպելեան մրցանակակիր, թուրք գրող Օրհան Փամուքը` խստօրէն դատապարտելով յայտնի գրող եւ լրագրող Ահմեդ Ալթանի եւ անոր եղբօր` ակադեմիկոս Մեհմե Ալթանի ձերբակալութիւնը:
«Թուրքիոյ մէջ բուռն կերպով ճաղերէն այն կողմ կը նետենք մարդիկ, որոնք կը համարձակին դոյզն-ինչ քննադատել իշխանութիւնները: Մտքի ազատութիւն այլեւս գոյութիւն չունի: Մենք մեզի հեռացուցած ենք իրաւական պետութենէ եւ արագօրէն դէպի ահաբեկչական վարչակարգ կը շարժինք»,- ըստ News.am-ի` ըսած է Փամուք:
Ըստ AFP-ի` ան կոչ ըրած է հնարաւորինս արագ ազատ արձակել ձերբակալուած մտաւորականները:
Նշենք, որ Ալթան եղբայրները ձերբակալուած են Սեպտեմբեր 10-ին, պետական յեղաշրջման փորձի հետաքննութեան ծիրէն ներս: Թրքական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ` պատճառը խռովութեան նախօրէին Can Erzincan TV հեռուստաալիքով հաղորդումներէն մէկուն ընթացքին եղբայրներուն մասնակցութիւնն է, որ իշխանութիւնները Ֆեթուլլահ Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժման մերձաւոր կայան կը համարեն:
Հեռուստաալիքը փակած են, իսկ Ալթաններուն մասնակցութեամբ հաղորդումը այդպէս ալ չէ հեռարձակուած: Ձերբակալուած է նաեւ անոնց հետ հաղորդումին մասնակցած մէկ այլ յայտնի լրագրող եւ գրող Նազլի Իլիչաքը: