Ֆրանսան որոշած է դադրեցնել սպառազինութիւննեան արտահանումը Թուրքիա, քանի որ անոնք կրնան կիրառուիլ Սուրիոյ մէջ, կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը՝ յղում կատարելով Ֆրանսայի ԱԳՆ-ի եւ ԶՈՒ նախարարութիւններու համատեղ յայտարարութեան։
Այնտեղ նշուած է, որ որոշումը «անյապաղ ուժի մէջ պիտի մտնէ»։
«Եւրոպական միութեան ԱԳՆ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ 14 հոկտեմբերին՝ Լիւքսըմպուրկի մէջ, հնարաւորութիւն պիտի տայ համակարգելու տուեալ հարցի առնչութեամբ եւրոպական ընդհանուր մօտեցումը»,- նշած են յայտարարութեան մէջ։
Անոնք ընդգծած են, որ Ֆրանսան վճռականօրէն կը դատապարտէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնը։ Պաշտօնական Փարիզի կարծիքով, ռազմական այս գործողութիւնը «հարուածի տակ կը դնէ» այն յաջողութիւնները, «որոնց միջազգային դաշինքը հասած է «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման դէմ պայքարին», ինչպէս նաեւ կը յանգեցնէ «ծանր հետեւանքներու մարդասիրական ոլորտի մէջ, վնաս կը հասցնէ եւրոպական անվտանգութեան»։
«Ֆրանսան կը պահանջէ անյապաղ ԻՊ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի երկիրներու ներկայացուցիչներու նիստ գումարել, որպէսզի քննարկուի, թէ ինչ կերպ պէտք է շարունակուին դաշինքի ջանքերը ներկայ պայմաններուն մէջ»,- ըսուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ։