Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան` ի դէմս ֆինանսներու նախարարութեան եւ Վերականգնման վարկերու դրամատան «KfW» միջեւ գիւղատնտեսական ապահովագրութեան յատակագիծի աջակցութեան ծրագրի համար 5 միլիոն 339 հազար եւրօ գումարի չափով դրամաշնորհային համաձայնագիրի ստորագրման:
Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմուտքի նախարարի տեղակալ Կարէն Թամազեան յայտնած է, որ ծրագիրը նպատակ ունի աջակցելու Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսութեան ապահովագրական համակարգի ներդրումին` նպաստելով գիւղացիներու կլիմայական վտանգներէն ապահովագրական պաշտպանութեան:
Ըստ համաձայնագիրին` ծրագրի ֆինանսաւորումը ՀՀ եւ ԳԴՀ կը նախատեսում համամասնական սկզբունքով («pari passu”): Ծրագիրով 5,339,139.38 եւրօ գումարի չափով ԳԴՀ կողմէ յատկացումը պիտի տրամադրուի 2 մասնաբաժինով: