Եւրոպական Միութիւնը հրապարակած է Թուրքիոյ տարբեր ոլորտներուն մէջ զարգացման մասին զեկուցումը: Ըստ ՏՀԱ-ի, զեկուցումին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ տակաւին կը պահպանուի արտակարգ դրութիւնը, եւ ատոր ընթացքին հազարաւոր մարդիկ կը ձերբակալուին: Զեկուցումին համաձայն, արտակարգ դրութեան յայտարարութենէն մինչեւ օրս Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է 150 հազար մարդ, որոնցմէ 78 հազարը կալանաւորուած է: Այդ ընթացքին 110 հազար պետական պաշտօնեայ ալ հեռացուած է աշխատանքէ:
Զեկուցումին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու յարաբերութիւններուն, որոնք, ըստ զեկուցումին, կը վատանան: «Անընդունելի» որակուած են թուրք գործիչներու յարձակողապաշտ յայտարարութիւնները Եւրոպական Միութեան երկիրներու հասցէին:
Զեկուցումին մէջ նաեւ շեշտուած են քիւրտ զինեալներու դէմ գործողութիւնները, որոնց ընթացքին պէտք է յարգուին օրէնքի գերակայութիւնն ու մարդու իրաւունքները:
Թրքական լրատուամիջոցները այս զեկուցումը որակած են «իրենց մասին մինչեւ օրս հրապարակուած ամէնէն կարծր զեկուցումը»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխան յայտարարութիւն մը հրապարակած է` նշելով, որ Եւրոպական Միութիւնը չ՛ուզեր գիտակցիլ անցեալին մէջ Թուրքիոյ յաղթահարած դժուարութիւնները: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ Եւրոպական Միութիւնը մեղադրած է «ոչ առարկայական զեկուցում»-ի հրապարակման յանցանքով: