Պելճիքայի թուրք երեսփոխանը չկրցաւ հիւանդանոցի մէջ վարչական խորհուրդի նախագահ դառնալ` Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ թրքական «Սապահ» օրաթերթին մէջ հրատարակուած լուրի մը համաձայն, Պելճիքայի Ընկերվարական կուսակցութենէն թուրք երեսփոխան Շեւքեթ Թեմիզ իր կուսակցութեան կողմէ իբրեւ թեկնածու առաջադրուած էր Պելճիքայի կարեւոր հիւանդանոցներէն մէկուն վարչական ժողովի նախագահութեան պաշտօնին, բայց երկրին հայկական եւ ասորի լոպիներուն կողմէ դրուած ճնշումին պատճառով ան ստիպուած եղած է յետս կոչելու իր թեկնածութիւնը:

Արդարեւ, երբ հրապարակուած է, թէ Թեմիզ թեկնածու է այս պաշտօնին, ցեղասպանութիւններու ժխտումի դէմ պայքարի ընկերակցութիւն մը դիմում կատարած է Պրիւքսելի կուսակալութեան` պնդելով, որ Թեմիզի ընտրութիւնը մարդկային արժէքներու ներհակ պիտի ըլլայ եւ ազդարարելով Թեմիզին դէմ ցոյցեր կազմակերպել, եթէ ան առանց նախապայմանի չընդունի Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Թեմիզ իր կարգին ըսած է, թէ իրմէ պահանջուած է հանրային կարծիքին առջեւ առանց առարկութեան ընդունիլ «հայկական պնդումները», այդ պատճառով ալ նախընտրած է հրաժարիլ թեկնածութենէն: