Ալէն Տըլոնի հայկական առնչութիւնները

Օրերս իր մահկանացուն կնքած ֆրանսական ֆիլմարուեստի բացառիկ դէմքերէն Ալէն Տըլոնի վերջին դերը բեմադրիչ Սարիկ Անդրէասեանի «Շնորհաւոր նոր տարի, մայրիկներ» ֆիլմին մէջ էր, ուր ան, փաստօրէն, ինքզինք կը խաղար», The Armenian Mirror-Spectator շաբաթաթերթին մէջ կը գրէ հայաստանցի ամերիկաբնակ հեռուստալրագրող Հայկարամ Նահապետեանը։

Այդ ֆիլմին մէջ բժիշկը ֆրանսերէնի իր ուսուցչուհիին տղուն կը տեղեկացնէ, որ անոր մայրը արագ տարածուող անողոք հիւանդութեամբ կը տառապի։ Որդին կ’որոշէ մօրը Փարիզ տանիլ արձակուրդը վայելելու… իր հիւանդութենէն անտեղեակ՝ ոչ մէկ բանէ կասկածող մօր համար այդ զբօսապտոյտը վերջին հրաժեշտ կը դառնայ։ Փարիզեան շքեղ պանդոկներէն մէկուն մէջ մայր ու որդի կը հանդիպին Ալէն Տըլոնին, որ այդ ժամանակ 76 տարեկան էր։ Ուսուցչուհիին հետ պարելու ընթացքին Տըլոնը անոր կ’ըսէ. «Փարիզ ժամանակը աւելի արագ կ’անցնի, եւ ես կը փորձեմ այս քաղաքին մէջ կեանքիս ամէն վայրկեանը վայելել»։ Մեծահամբաւ դերասանին այս խօսքերը խորհրդանշական եղան. ան իր կեանքին հրաժեշտ տուաւ Օգոստոս 18-ին, 88 տարեկանին։

Հայաստանը պատմականօրէն սերտ կապեր ունի Ֆրանսայի հետ, ինչ որ նպաստած է, որ, Հայաստան թէ Սփիւռք, ֆրանսացի գրողներն ու դերասանները լայն ժողովրդականութիւն վայելեն։ Տըլոնը անձամբ շատ մօտիկ էր աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի հետ։ 1963-ին, տակաւին 28-ամեայ նորելուկ դերասանը խաղցած է հայազգի նշանաւոր բեմադրիչ Հանրի Վերնէոյի՝ «Ոեւէ թիւ կրնայ շահիլ» վերնագիրով ֆիլմին մէջ, որմէ ետք դեր ստանձնած է նոյն բեմադրիչին «Սիկիլիական յանցախումբը» ֆիլմին մէջ։ Եւ բնաւ պատահական չէր, որ ֆրանսական Le Mond-ը Տըլոնի մահագրականին մէջ զետեղեց հանգուցեալին լուսանկարը Հանրի Վերնէոյի հետ։ Տակաւին 1980-ին ֆրանսացի ու զուիցերիացի ֆիլմարտադրիչները, խորհրդային իրենց գործընկերներուն հետ նկարահանեցին «Թեհրան 43» ֆիլմը, որ կը պատմէր այդ երկիրներուն ղեկավարները սպաննելու գերմանական մտադրութեան մասին։ (Ծրագիր՝ որ ձախողեցաւ հայազգի խորհրդային գաղտնի գործակալներ տէր եւ տիկին Գէորգեաններու բացառիկ ջանքերով։ Ծ.Թ.)։ Տըլոնը այդ ֆիլմին մէջ կը խաղար ֆրանսացի գաղտնի ոստիկանի դերը։ Ֆիլմին երաժշտութիւնը Ճորճ Կառվարենցինն է, մինչ Շառլ Ազնաւուր կ’երգէ «Une Vie d’Amour» («Սիրոյ ամբողջ կեանք մը») երգը, որ իր գեղեցկութեամբ հմայեց ամբողջ աշխարհը։

Տըլոնը Հայաստան այցելած է 2012-ի Դեկտեմբերին՝ մասնակցելու Սարիկ Անդրէասեանի վերոյիշեալ ֆիլմի առաջին ցուցադրութեան։ Այդ ընթացքին է, որ ան հանդիպում ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ։ Տըլոնը այդ ժամանակ լրագրողներուն ըսած է. «Համաձայնեցայ նկարահանուիլ այդ ֆիլմին մէջ, որովհետեւ մօր հանդէպ սէրը հիանալի նիւթ է»։ Հայաստան գտնուելու օրերուն Տըլոն այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ Ցեղասպանութեան յուշարան եւ հետաքրքրուած է, թէ ինչո՞ւ «իմ սիրելի ընկեր Ազնաւուրը ինծի չէ ըսած, թէ ես այսքան մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեմ Հայաստանի մէջ»։

ARMENIAN MIRROR-SPECTATOR