Հայազգի անուանի տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն կ’արժանանայ Նոպէլեան մրցանակի

Գիտնականներ Տարօն Աճեմօղլուն, Սայմին Ճոնսընը եւ Ճէյմս Ռոպինսընը արժանացած են 2024 թուականի տնտեսագիտութեան Նոպէլեան մրցանակին։

Մրցանակը գիտնականներուն շնորհուած է անոնց հետազօտութեան համար, թէ ինչպէս կը ձեւաւորուին հաստատութիւնները, եւ ինչպէս անոնք կ’ազդեն բարեկեցութեան վրայ:

Ինչպէս կը հաղորդէ Bloomberg-ը, երեք տնտեսագէտները միասին պիտի կիսեն 11 միլիոն կրոն (1,1 միլիոն տոլար) մրցանակը, կ’ըսուի Սթոքհոլմի Շուէտի թագաւորական գիտութիւններու ակադեմիայի յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիա ծնած հայ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն կը համարուի աշխարհի լաւագոյն տնտեսագէտներէն մէկը, ան Մասաչուսէցի արհեստագիտական հիմնարկի (MIT) փրոֆեսոր է։

Աւարտին յիշենք, որ Foreign Policy հանդէսը զայն դասած է աշխարհի ամենաազդեցիկ մտածողներու շարքին։