Արցախցի ախոյեան դարձած մարզիկը. «Հպարտ եմ, որ միջազգային մրցաշարին Արցախի եռագոյնը ծածանած է»

Ապրիլ 1-ին, Երեւանի «Միկա» մարզահամալիրին մէջ, տեղի ունեցած է ArmFC (Armenian Fighting Championship)-18 միջազգային վարկանշային մրցաշար՝ նուիրուած «Էրեբունի-Երեւան» 2800-ամեակին:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Արցախէն մրցաշարին մասնակցած է «Արմֆայթինգ» դաշնութեան մարզիկ Արմէն Հայրապետեանը:

Վերջինս նշած է, որ մրցաշարին մասնակցած է 9 պետութեան ներկայացուցիչ:

Հայրապետեան յայտնած է, որ ինքը մենամարտած է Ռուսիոյ Դաշնութիւնը ներկայացնող մարզիկ Կոնստանթին Մետինի հետ եւ յաղթանակ արձանագրած, դարձած մրցաշարի ախոյեան՝ արժանանալով ոսկէ մետալի, բաժակի եւ պատուոգիրի:

«Յաղթանակս կը նուիրեմ ապրիլեան պատերազմի զոհերու յիշատակին: Հպարտ եմ, որ միջազգային մրցաշարին յաղթանակած եմ եւ Արցախի եռագոյնը ծածանած: Կը կարծեմ՝ այսպիսի յաղթանակներով ալ կը պաշտպանեն հայրենիքը, աշխարհին ճանաչելի կը դարձնեն զայն»,- նշած է Ա. Հայրապետեան: