Արթուր Աբրահամ. «Որպէս հայ` երկու պատճառ ունեմ յաղթելու. հպարտութիւն եւ պատիւ»

«Սա պիտի ըլլայ իմ ամենամեծ յաղթանակը» վերնագիրով յօդուած մը հրապարակած fighthype.com կայքը` ներկայացնելով Արթուր Աբրահամի յառաջիկայ մենամարտի վերաբերեալ մեկնաբանութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, հայ բռնցքամարտիկը նշած է, որ Մենի Պաքեաոյի հետ մենամարտիլը երազի նման է:

«Ես Հոլիուտի մէջ մենամարտած եմ Էտիսըն Միրանտայի, Տիթրոյիթի մէջ` Անտրէ Տիրելի, Կարսընի մէջ` Անտրէ Ուորտի դէմ: Բայց այն ժամանակ մեծ իրադարձութեան զգացողութիւն չունէի: Այդ բոլորէն երք կ՛երազէի հոս հանդէս գալու մասին, եւ ահա Ապրիլ 9-­ին, վերջապէս, հնարաւորութիւն ստացայ ռինկը կիսելու Մենի Քաքեաոյի հետ»,- ըսած է­ WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան 35-­ամեայ Արթուր Աբրահամը:

Անդրադառնալով իր հակառակորդին` մեքսիկացի Խիպպերթօ Ռամիրեսին, Աբրահամ ըսած է, որ ան Մեքսիքայի երիտասարդ ու խոստումնալի բռնցքամարտիկներէն մէկն է: «Մեքսիքան այս մարզական ձեւին մէջ լաւ աւանդոյթներ ունի: Ռամիրեսը կը ցանկայ պատմութեան մէջ մնալ որպէս առաջին մեքսիքացին, որ միջին ծանրութեան կարգին մէջ աշխարհի ախոյեան դարձած է: Բայց ես, ըլլալով հայ, որ կը բնակիմ եւ կը մենամարտիմ Գերմանիոյ մէջ, երկու պատճառ ունեմ յաղթելու. հպարտութիւն եւ պատիւ: Այդ մենամարտին կը մօտենամ հետեւեալ մտքերով. «Աւելի լաւ է մեռնիլ ոտքի վրայ, քան ապրիլ ծունկի եկած»: Ատիկա պիտի ըլլայ իմ ասպարէզիս մեծագոյն յաղթանակը»,-­ ընդգծած է Աբրահամ:

Յիշեցնենք, որ WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ Ապրիլ 9-­ին 24­ամեայ Խիլպերթօ Ռամիրեսի հետ կայանալիք մենամարտին պիտի պաշտպանէ իր ախոյեանական գօտին: Մենամարտը պիտի ըլլայ Լաս «MGM Grand Garden Arena» մարզահամալիրին մէջ կայանալիք երկրորդ հանդիպումը` Փաքեաոպրետլի մրցամարտէն ետք: