Հայ 2 աղջիկներ դարձած են միջազգային բռնցքամարտի մրցաշարքի յաղթողներ

Շուէտի Պուրոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Ոսկէ աղջիկներ» բռնցամարտի միջազգային մրցաշարքին Հայաստանը կը ներկայացնէր 60 քիլոկրամ ծանրութեան Աշխէն Յովհաննիսեանն ու 64 քկ. ծանրութեան Աննա Յովհաննիսեանը:

Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի Դիմատետրի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ հայ մարզիկները տօնած են երկուքական յաղթանակ եւ իրենց դասակարգին մէջ ախոյեան եղած են։

Տեղեկացնենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցէին 12 երկիրներու 230 ներկայացուցիչներ: