Միլիառատէր Մայքըլ Ճորտըն` առաջին դիրքին վրայ

Շիքակօ Պուլզի նախկին անուանի մարզիկ, Շարլոթ Հոռնեթցի սեփականատէր Մայքըլ Ճորտըն մարզական աշխարհի պատմութեան մէջ մեծագոյն եկամուտով մարզիկն է:

«Ֆորպզ»-ի տուեալներով, ողիմպիականի կրկնակի ախոյեանը շահած է 1,7 միլիառ ամերիկեան տոլար, որուն մէջ զուտ աշխատավարձը կը կազմէ 98 միլիոն ամերիկեան տոլար: Մնացած եկամուտը ան ստացած է հովանաւոր ընկերութիւններէ:

Եկամուտին մեծ մասը կապ ունի Ճորտընի անունով մարզական կօշիկներու վաճառքին հետ:

Ինչպէս ծանօթ է, ան ցմահ պայմանագիր մը ունի, կնքուած «Նայքի» ընկերութեան հետ:

Անոր ետին երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի կոլֆ խաղացող Թայկըր Վուտծ (1,65 միլիառ ամերիկեան տոլար), իսկ լաւագոյն հնգեակը կ՛եզրափակէ «Ֆորմիւլա-1»-ի եօթնակի ախոյեան Միքայէլ Շումախըր (1 միլիառ ամերիկեան տոլար):