Կլազկոյի մէջ աւարտած մարմնամարզութեան Աշխարհի առաջնութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութիւն Մերդինեան (նժոյգթափեր) դարձած է պրոնզէ մետալակիր: Անհատական մրցաձեւերու մէջ Յարութիւն Մեդինեան հաւաքած է 15.500 միաւոր: Ան նուաճած է նաեւ Ողիմպիական խաղերու ուղեգիր, կը հաղորդէ «Երկիրմետիա»-ն:
«Ընդհանուր առմամբ` լաւ ելոյթ ունեցայ: Գոհ եմ: Ամէն ինչ նորմալ էր: Ինչ-որ տեղ սխալներ կային, կարող էի աւելի լաւ հանդէս գալ: Շատ ուրախ եմ, որ ինձ յաջողուեց Օլիմպիական խաղերի ուղեգիր նուաճել»,- Յարութիւն Մերդինեանի խօսքերը կը փոխանցէ ՀԱՕԿ լրատուական բաժինը:
Հայաստանի հաւաքականի միւս անդամ Վահագ Դաւթեան օղակներ վարժութեան մէջ հաւաքած է 15.333 միաւոր եւ գրաւած է 7-րդ տեղը:
Մարմնամարզիկ Հուրի Գեբեշեան իրաւունք ստացած է մասնակցելու Ռիոյի մէջ կայանալիք «Թեսթ իվենթ»-ին: Աշխարհի առաջնութեան մէջ արձանագրած արդիւնքը կրկնելու պարագային` ան կ՛ըլլայ առաջին հայ մարմնամարզիկը, որ Հայաստանը կը ներկայացնէ Ողիմպիական խաղերու կանանց մարմնամարզութեան մէջ: Բացի Գեբեշեանէն «Թեստ իվենթ»-ին մասնակցելու իրաւունք ստացած է նաեւ Արթուր Դաւթեան: