Ապրիլ 24, 1915…..
Քսաներորդ Դարու Առաջին Ցեղասպանութիւնը:
Քաղաքակիրթ աշխարհի պատմութեան ամենէն սեւ էջը, երբ անմարդկային բոլոր միջոցներով 1.5 միլիոն անմեղ մարդկանց կեանքերը խլուեցան:
Աքսորուեցան ու նահատակուեցան մտաւորականները: Բանակ կանչուեցան ու սպաննուեցան երիտասարդութիւնը: Անապատ քշուեցան մանուկները, կիներն ու ծերերը անօթի ու ծարաւ ուր մահը կը սպասէր մեծ մասին:
Սակայն Հայը ապրեցաւ: Մեր գոյութիւնը փաստն է անոր: Մենք կանք ու կը մնանք ու պիտի ապրինք ու շատանանք հայերէն լեզուով ու քրիստոնեայի հաւատքով:
Ալինա Ավանէս
Ը. Դասարան